HyeID-ն Հիմնադրեց Իր Առաջին Մասնաճիւղը Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ Քաղաքին Մէջ

HyeID-ն Հիմնադրեց Իր Առաջին Մասնաճիւղը

Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ Քաղաքին Մէջ

Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա — HyeID-ի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը հաղորդէ, որ 5 Փետրուար 2021ին Կլենտէյլ քաղաքին մէջ հիմնադրած է իր առաջին մասնաճիւղը, որուն ցարդ արձանագրուած են աւելի քան 30 անդամներ, իսկ ծրագիրով խանդավառ բազմաթիւ անհատներ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են: Կլենտէյլի նորաստեղծ մասնաճիւղը կը հանդիսանայ HyeID-ի համաշխարհային ցանցի առաջին քայլը, իսկ HyeID-ին դիմած են աշխարհի զանազան երկիրներէ մեծ թիւով հայորդիներ՝ խնդրելով յաւելեալ տեղեկութիւններ այս ծրագրին մասին։

 

Յայտնենք, որ HyeID-ին միացողները կ՛արժանան զեղչերու, երբ կատարեն գնումներ եւ ստանան ծառայութիւններ։ Զեղչուած գումարին կէսը կը պատկանի քարտապանին, իսկ միւս կէսը հաւասար չափով պիտի բաժնուի քարտապանի նախընտրած կազմակերպութեան եւ HyeID-ի միջեւ։

HyeID Ոչ Շահութաբեր կազմակերպութեան երկրորդ փուլը կը կոչուի Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարան (ՍՀԽ), որուն կրնայ մասնակցիլ 18 տարիքը բոլորած իւրաքանչիւր քարտապան՝ նշեալ խորհրդարանի երեսփոխան (պատգամաւոր) ընտրելու կամ ընտրուելու իրաւունքով: Համայն աշխարհի սփիւռքահայերը կրնան մասնակցիլ ժողովրդավար ընտրութիւններու, նախօրօք հաստատուած ընտրաշրջաններու մէջ, առաջին անգամ ըլլալով կազմելու համար Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանը։ Սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող խորհրդարան ունենալը երազը եղած է ամէն սփիւռքահայու, տասնամեակներէ ի վեր։

Hide original message

«HyeID-ի վարչութիւնը  կ’ողջունէ համայն աշխարհի հայերու մասնակցութիւնը այս շարժումին։ ժամանակն է, որ Սփիւռքը կազմակերպուած եւ միաւորուած ըլլայ, որպէսզի ծրագրաւորուած կերպով կարենայ ձեւակերպել եւ տարածել համահայկական հարցերն ու մտահոգութիւնները ե՛ւ իր համայնքային շրջանակներուն մէջ, ե՛ւ իր ապրած երկրի պետական հարթակներուն վրայ», կ՛ըսէ HyeID-ի ներկայացուցիչը։

Հետաքրքրուողները կրնան միանալ HyeID կազմակերպութեան եւ աջակցիլ Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի կազմակերպման գործընթացին՝ այցելելով HyeID.org կայքէջը եւ լրացնելով համապատասխան դիմումնագիրը։